Ահա, այսպէս - Aha, Aysbes

Ահա, այսպէս - Aha, Aysbes

Hasmig Chahinian

  • $20.00
    Unit price per 


Ահա, այսպէս... Յասմիկ Շահինեան

7+տարեկան / 7+ year old

Զարմանալիօրէն՝ Փաթիլը ոտնագնդակի օրէնքները չի գիտեր։ Անահիտին դերը ի՛նքը պիտի խաղայ մեր դասարանին պատրաստած թատերախաղին մէջ, հակառակ անոր որ իմ երազս էր այդ դերը խաղալը։ Սխալմամբ է որ վերէն վար թրջուեցանք Փաթիլենց տունը, բայց Ծովինարը եւ իր ընկերուհիներն ալ քիչ մը յանցաւոր են. ուզեցին մեզմէ գաղտնի բաներ ընել… Չխօսիմ նուագահանդէս պատրաստելու ծրագիրին մասին, որուն պատճառով ստիպուեցայ ժամերով դաշնակի փորձ ընելու, ոչ ալ Հրակին՝ պզտիկ եղբօրս մասին, որ երբեմն իսկապէս անտանելի է։ Բայց ինչ որ ալ ըլլայ Փաթիլը ամենամտերիմ ընկերուհիս է ամբողջ տիեզերքին մէջ։ Արան ալ մեր մտերիմ ընկերն է, նոյնիսկ եթէ միշտ իրարու հետ համաձայն չենք…

Անուշին եւ իր ընկերներուն արկածախնդրութիւնները՝ վեց պատկերազարդ պատմութիւններով։

Արեւմտահայերէն


We Also Recommend