Ayn Ore Yerp - Այն Օրը Երբ

Hasmig Chahinian

  • $20.00
    Unit price per 


Այն օրը, երբ... Յասմիկ Շահինեան

7+տարեկան / 7+ year old

Ծովինարը որոշած է «Ճամբորդող-պատմող» ըլլալ, թէեւ տակաւին մարդ չի գիտեր ի՛նչ է այս գործը։ Յստակ է որ սափրիչ պիտի չըլլայ ան, որովհետեւ իր ընկերուհիին՝ Լորիին մազերը կտրեց, եւ արդիւնքը սպասուածը չէր... Կրնայ հեծիկի ուսուցչուհի ըլլալ. Փաթիլին՝ իր պզտիկ քոյրիկին ի՛նքը հեծիկ քշել սորվեցուց։ Իսկ Փաթիլը միշտ «գիւտեր» կ՚ընէ, կ՚ուզէ իր արջուկին ծովուն մէջ լողալ սորվեցնել, Արշոյին՝ իր պուպրիկին հետ ցատկել բերնէ-բերան ջուր լեցուած լոգարանին մէջ… Ինչ լաւ է որ Ծովինարը միշտ հոն է պզտիկ քոյրիկը «փրկելու» համար…Անշուշտ Ծովինարը երբեմն կը մտածէ որ իր կեանքը շատ աւելի պարզ պիտի ըլլար, եթէ Փաթիլը չըլլար... բայց վստահաբար նուա՛զ հետաքրքրական։

Ծովինարին, Փաթիլին եւ իրենց ընկերներուն արկածները՝ նկարազարդ ութը կարճ գրութիւններու մէջ։

Արեւմտահարերէն


We Also Recommend